Back to All Events

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԵՒ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԴԷՊԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ - THE RESTORATION OF THE CHURCH OF HOLY CROSS AND JOURNEYS TO ARMENIAN CULTURAL REMAINS IN TURKEY

  • Armenian House 25 Cheniston Gardens London, England, W8 6TG United Kingdom (map)

Հանդիպում մը Պատմական Յուշարձաններու Պահպանութեան Ճարտարապետ եւ «Ակօս»ի Սիւնակագիր` Զաքարիա Միլտանօղլուի հետ

Զաքարիա Միլտանօղլու, Պոլսահայ ճարտարապետ, հսկեց Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատութեան, որպէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի ներկայացուցիչը։ Հակառակ բազմաթիւ բողոքներու, ներկայիս եկեղեցին թանգարան է եւ անուանափոխուած «Ագտամար»ի։ Միլտանօղլու հեղինակն է բազմաթիւ շինութիւններու եւ վերանորոգութիւններու նախագիծերուն:  Նշելի են Գուզկոնճուք թաղի կազի արտադրութեան սարքի վերանորոգումը որ կառուցուած էր Պէյլէրպէյի Պալատին համար ըլլալով Թուրքիոյ առաջինը եւ Օրթագիւղ թաղի Հայ Կաթողիկէ Անտոնեան Միաբանութեան շէնքի վերանորոգումը։ Միլտանօղլու «Ակօս» թերթի յօդուածագիր է։  Հրատարակած է «Սկիզբէն մինչեւ այսօր հայ պարբերական մամուլը» ուսումնասիրութիւնը։

Միլտանօղլուի դասախօսութիւնը պիտի ներառէ «Հայճար» (Հայ Ճարտարապետ  եւ Ճարտարագետներու Միութիւն) խումբի բազմաթիւ լուսանկարները, որոնք մաս կը կազմեն հայկական գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ վաւերագրելու, վերահսկելու եւ ուսումնասիրելու ապագայ վերանորոգութիւններու նախագիծերը։

Meet Conservation Architect and Agos Columnist Zakarya Mildanoğlu

Zakarya Mildanoğlu, the Istanbul-based architect represented the Armenian Patriarchate of Turkey during the restoration of Sourp Khatch Church, Akhtamar now a museum renamed 'Akdamar' despite protests. A columnist for AGOS, he has also published History of the Armenian Periodical Press from Its Inception to the Present Day.